Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Ո՛չ Ողջերու, Ո՛չ Մեռածներու Նկատմամբ Կայ Յարգանք. Վահագն Տատրեանը Ըսուածին Վառ Օրինակն Է

Օգոստոս 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Սոյն յօդուածը կը գրեմ մեծագոյն ցաւով եւ հիասթափութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութեան ականաւոր  մասնագէտ Վահագն Տատրեան մահացաւ 2 օգոստոս 2019-ին, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանը, 93 տարեկան հասակին: Ծնած` Կոստանդնուպոլիս (Թուրքիա), ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողականութեան բացայայտման կարեւոր գործին: Տատրեան իր մանրազնին ուսումնասիրութիւնները կատարեց թրքերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ հայերէն լեզուներով` ակադեմական ամսագիրներու մէջ հրատարակելով գիտական տասնեակ հատորներ եւ յօդուածներ:

Կը կարծուի, թէ Տատրեանի պէս անուանի անհատ մը յարգանքի կ՛արժանանայ ոչ միայն իր կենդանութեան օրօք, այլ նաեւ` մահէն ետք: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճիշդ քայլ առաւ 19 օգոստոս 2019-ին, երբ որոշում կայացուց` բարձր մակարդակի պետական յանձնախումբ ստեղծելու եւ համապատասխան պիւտճէ յատկացնելու, որպէսզի Երեւանի մէջ Տատրեանի յուղարկաւորութեան համար  անհրաժեշտ ձեռնարկներ կազմակերպուին եւ թաղման ծախսերը հոգացուին:

Պետական յանձնախումբի կազմին մէջ էին` Ա. Յարութիւնեան` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար, Զ. Մնացականեան` արտաքին գործոց նախարար, Ա. Թորոսեան` առողջապահութեան նախարար, Ա. Ճանճուղազեան` ելեւմուտքի նախարար,  Հ. Մարութեան` Երեւանի քաղաքապետ, Ռ. Մարտիրոսեան` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, Վ. Տէրտէրեան` տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար, Վ. Մովսիսեան` Հայաստանի փոխոստիկանապետ,  Յովնան եպս. Յակոբեան` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի լուսարարապետ, Ա. Իսկանկարեան` «Բնակչութեան յատուկ սպասարկում» կազմակերպութեան տնօրէն, Յ. Մարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն,  Գ. Սարկիսեան` «Զօրեան» հաստատութեան նախագահ (Քանատա): Տատրեան  «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէնն էր:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ փրոֆեսէօր Տատրեանի աճիւնը Հայաստան տեղափոխելէ ետք, 31 օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ, որուն անդամ էր Տատրեան: Արարողութեան ներկայ էին պետական յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Ազգային ժողովի օրուան նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Տատրեանի 90-ամեայ քոյրը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ եւ ակադեմիկոսներ: Փրոֆ. Տատրեանի աճիւնը ամփոփուեցաւ Երեւանի Կեդրոնական (Թոխմախի) գերեզմանատունը:

Վերջերս, Քալիֆորնիոյ Միշըն Հիլզի մէջ գտնուող Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի տնօրէն Մեկի Մանկասարեան-Կոշին երբ ուզեց Տատրեանի գերեզմանին լուսանկարը ներառել իր թանգարանին մէջ, ուր կը պահուին Տատրեանի արխիւները, ոչ ոք կրցաւ գտնել Տատրեանի գերեզմանը: Երկար փնտռտուքներէ ետք, Փարիզէն Պաղտիկ Գույումճեան եւ Քանատայէն Հրայր Բազէ Խաչերեան վերջապէս յաջողեցան գտնել Տատրեանի անյայտ գերեզմանը: Պարզուեցաւ, որ յուղարկաւորութենէն երեք տարի անց պետական յանձնախումբը չէ բարեհաճած  Տատրեանի գերեզմանին վրայ շիրմաքար դնել, կամ նոյնիսկ` անոր անունով յուշատախտակ մը զետեղել: Գերեզմանը ահաւոր վիճակ կը պարզէր` պատուած մացառով եւ աղբով: Երկու պարոնները ժամանակաւոր յուշատախտակ մը դրած են Տատրեանի գերեզմանին եւ զայն մաքրած` մացառներէ: Ահա՛ այն սարսափելի վերաբերումը, որուն արժանացած է նշանաւոր ակադեմիկոսը իր մահէն ետք, իր իսկ հայրենիքին մէջ:

Փրոֆ. Թաներ Աքչամ` Հայոց ցեղասպանութեան հանրածանօթ մասնագէտ եւ UCLA-ի Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրի տնօրէն, առաջին մարդն էր, որ դիմատետրեան  իր էջին մէջ ահազանգեց Տատրեանի գերեզմանի ողբալի անտեսման մասին: Հեգնական է, որ թրքական ծագում ունեցող անհատը աւելի՛ մտահոգուած է Տատրեանի գերեզմանին նկատմամբ արհամարհական վերաբերումով, քան` Հայաստանի կառավարութիւնը: Տատրեան եղած է Աքչամի խորհրդատուն եւ գործընկերը` Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան հարցին մէջ: Աքչամ իր դիմատետրեան էջին մէջ գրած է. «Տատրեան արժանի չէ ասոր: Անընդունելի եւ չափազանց ամօթ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակակից հետազօտութեան հիմնադիրին գերեզմանը անուշադրութեան մատնուած եւ մոռցուած ըլլայ»:

Ի պատասխան փրոֆ. Աքչամի արդարացուած վրդովումին` «Զօրեան» հաստատութեան (Հայաստան) ծրագիրի համակարգող Մարի Յովհաննիսեան յայտարարութիւն տարածեց` «Փոթորիկ գաւաթ մը ջուրի մէջ» վերնագիրով: Ան այսպէս պատճառաբանած է յետաձգումը.   «Քորոնա» համավարակի եւ 2020-ի արցախեան պատերազմի պատճառով  հայ ազգը կորսնցուց քանի մը հազար լուսաւոր զաւակներ եւ զբաղած էր անոնց յուղարկաւորութեամբ:  Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահանջէր իրեն համապատասխան տապանաքար»: Ասիկա  անընդունելի արդարացում է: Տատրեանը յուղարկաւորած են Հայաստանի մէջ  «Քորոնա» ժահրի տարածումէն եօթը ամիս առաջ եւ արցախեան պատերազմէն աւելի քան մէկ տարի առաջ: Կը նշանակէ, որ բաւարար ժամանակ կար Տատրեանի գերեզմանին շիրմաքար կամ առնուազն  յուշատախտակ մը տեղադրելու համար, տակաւին չենք ըսեր, որ 2020-ի պատերազմէն անցած է գրեթէ երկու տարի, եւ «Քորոնա» ժահրը այլեւս տարածուած չէ Հայաստանի մէջ: Աւելի՛ն. Տատրեանի մահէն ի վեր ուրիշ մարդիկ թաղուած են մօտակայ գերեզմաններու մէջ եւ անոնք շիրմաքար ունին…

Առաւել մտահոգիչ  են այս խայտառակութիւնը կոծկելու փորձերը: «Զօրեան» հաստատութենէն Յովհաննիսեան դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է. «Կը խնդրենք այս հարցը հրապարակայնօրէն բարձրացուցած մարդոցմէ, որ զերծ  մնան չստուգուած տեղեկութիւններու տարածումէն եւ աւելորդ մեկնաբանութիւններէ, որոնք միայն կրնան փոթորիկ պատճառել մէկ գաւաթ ջուրի մէջ»: Նման անիմաստ արդարացումներ հնչեցուցած են նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեանը եւ Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Այսպիսի կեցուածք կը դրսեւորեն անոնք, որոնք կը փափաքին կոծկել իրենց ամօթալի սխալները: Աւելի պատշաճ կ՛ըլլար, որ ներողութիւն խնդրէին եւ անյապաղ քայլերու ձեռնարկէին Տատրեանի գերեզմանին շիրմաքար տեղադրելու համար:

Եթէ Փաշինեանի նշանակած պետական յանձնախումբին անդամները չեն կրցած երեք տարուան մէջ կազմակերպել մեծարգոյ հայ գիտնականի շիրիմին տապանաքար դնելու գործը, ուրեմն անոնք պէտք է նկատողութիւն ստանային Փաշինեանէն` իրենց անփութութեան եւ ապաշնորհութեան համար: Ասիկա ազգային խայտառակութիւն է: Ցաւալի է նաեւ այն փաստը, որ  հայ պաշտօնեաներ չեն կրնար գերեզմանի վրայ շիրմաքար տեղադրել, ապա, ուրեմն, հայեր ինչպէ՞ս վստահին իրենց կառավարութեան` այսքան լուրջ հարցեր ունեցող երկրին ղեկավարումը:

Վերջապէս, փրոֆ. Տատրեանի շիրիմը պէտք չէր ըլլար Թոխմախի գերեզմանատան մէջ: Աւելի պատշաճ կ՛ըլլար այն, որ Տատրեանի աճիւնը ամփոփուէր Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին ետեւը կամ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, նշանաւոր միւս անձերու կողքին: Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնայ Հայաստանի կառավարութիւնը ընել իր կոպիտ սխալը շտկելու համար:

 

 

Նախորդը

Վերամուտի Նախօրեակին

Յաջորդը

Արժանավայել Խաղաղութեան Պայմանը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

«Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Նաքպայի (Պաղեստինի 1948-ի Աղէտը) Յիշողութիւնը, Տանջող Զուգահեռները Եւ Իսրայէլի Դերը»-Միջազգային Հակամարտութիւններու Կարգաւորման Ձախողութիւնները

Նոյեմբեր 1, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Սպասելով Աւելի Վստահելի Տեղեկութեան

Հոկտեմբեր 31, 2023
Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի.   Աղաւնիի, Ձիթենիի Ճիւղի Եւ… Նետ Ու Աղեղի Պատմութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի. Աղաւնիի, Ձիթենիի Ճիւղի Եւ… Նետ Ու Աղեղի Պատմութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In