հեղինակներ՝ Արա Խանճեան (Լոս Անջելես), Հրակ Փափազեան (Երեւան)
աղբյուրը՝ «Սև բիբար» քնննախոսական հարթակ
Անցնող Նոյեմբերին ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Առողջութեան Համապարփակ Ապահովագրութեան (ԱՀԱ) ներդրման նախագիծը։ Նախագծի գլխաւոր նպատակը բոլոր քաղաքացիներուն առողջութեան պետական ապահովագրութիւն տրամադրելն է, այդպիսով զանոնք, յատկապէս բժշկական ծախսերը դիմագրաւելու կարողութիւն չունեցող մեծամասնութիւնը, անվճար հիւանդանոցային բուժօգնութեամբ ապահովելը։
Այս յօդուածով մեր կարգին կ՚անդրադառնանք ԱՀԱ նախագծի առաւելութիւններուն, որոշ խնդիրներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Առաւելութիւններ
1. Ապահովագրութիւն բոլորի համար
Ըստ նախագիծի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ սահմանափակ ծաւալով առողջապահութեան մասնաւոր ապահովագրութիւն, որ կը ծածկէ ընդհանուր առողջապահական ծախսերու միայն 1․5 տոկոսը։ ՀՀ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զուրկ է առողջապահական ապահովագրութենէ, ու յաճախ կը ստիպուի մնալ ահռելի ծաւալի ծախսերու տակ։
Այս պայմաններուն մէջ մարդոց մօտաւորապէս 20 տոկոսը, ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, զննման կամ բուժման չեն դիմեր նիւթական անկարողութեան պատճառով։ Կը մնան երկու ընտրանքի առջեւ՝ առողջութեան յաւելեալ բեկում կամ յաւելեալ նիւթական աղքատացում։
Այս իմաստով, ԱՀԱ նախագիծի գլխաւոր առաւելութիւնը՝ բոլոր քաղաքացիներուն հիմնական բժշկական պէտքերը հոգալու համար ապահովագրական ծածկոյթ տրամադրելն է։ Կարելի կը մնայ մասնաւոր բժշկական ապահովագրութիւն գնել, հիմնական բժշկական ծառայութիւններէն դուրս մնացած ծառայութիւններուն համար (ԱՀԱ-ի ծածկոյթի մանրամասներու համար տեսնել նախագիծի 60–63 յօդուածները)։
2. Առողջապահական ապահովագրութեան ապաշուկայականացում
Առողջապահութիւնը նման է ուսման։ Առաջին հերթին՝ մարդկային տարրական ու անսակարկելի իրաւունք է։ Տակաւին, երբ երկրի ժողովուրդը ուսեալ ու առողջ է, տնտեսական արտադրողականութիւնը կը բարձրանայ ի բարօրութիւն բոլորին։ Առողջապահական ու կրթական ոլորտներու մասնաւորեցումն ու շուկայականացումը պատմականօրէն յղի եղած է ընկերային (սոցիալական) անարդարութիւն, անհաւասարութիւն եւ թշուառութիւն ծնելու ռիսկերով։
Եթէ առողջական ծառայութիւններու տրամադրումը վստահինք շուկային, վերջինս, շահ ապահովելու իր գոյութենական նպատակին հաւատարիմ՝ կը վարէ բարձր գնային քաղաքականութիւն, որուն պատճառով միայն բարձր եկամուտ ունեցողները կը կարենան վճարել առողջապահական ծառայութիւններու համար, եւ երեսի վրայ կը մնան ցած եկամուտ ունեցողները։
Ուրիշ խօսքով՝ շուկայական տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս կը ձախողի տրամադրել որակաւոր ուսում եւ առողջապահական ծառայութիւններ ցած ու նոյնիսկ միջին եկամուտ ունեցողներուն։ Մասնաւոր ապահովագրական ընկերութիւնները ոչ միայն ինքնարժեքէն աւելի բարձր գինով կը վաճառեն ապահովագրական փաթեթները յանուն յաւելեալ շահոյթի, այլ նոյնիսկ կրնան նուազեցնել ապահովագրութեան որակն ու ծածկոյթը. հիւանդացման լուրջ ռիսկեր ունեցող մարդոց համար, օրինակ, կրնան մերժել կամ դժուարացնել ապահովագրութեան վաճառքը. այլ պարագաներու, կրնան փորձել նուազեցնել կամ ձերբազատուիլ բուժումներու ֆինանսաւորումէն։
3. Մէկ միասնական գնորդ/վճարող
Նախագիծի թիւ 4 պարբերութեան մէջ նշուած է թէ «ԱՀԱ-ն իրականացվելու է մեկ միասնական գնորդի/վճարողի սկզբունքով․․․»։ Այս համակարգին անգլերէնը «single-payer health care system»ն է, ուր կառավարութիւնը միակ գնորդը եւ վճարողն է բժշկական ծառայութիւններու։ Գլխաւոր երկու պատճառներով, միասնական գնորդի/վճարողի սկզբունքով համակարգը կրնայ ծախսերը նուազագոյնի իջեցնել ու միեւնոյն ժամանակ տրամադրել առաւելագոյն առողջապահական ծառայութիւններ։
Ա- Մէկ գնորդ/վճարող համակարգին կազմակերպական (administrative), ծախսերը համեմատաբար նուազ կ՚ըլլան։ Մասնաւոր առողջապահական ապահովագրութեան ընկերութիւններուն կազմակերպական ծախսը բարձր կ՛ըլլայ, քանի որ անոնք յաւելեալ ծախսեր կ՚ընեն, օրինակ, ուսումնասիրելու համար ամէն մէկ յաճախորդի առողջական վիճակը։
Մէկ գնող/վճարողի սկզբունքով առողջապահական ապահովագրութիւն ունեցող Քանատայի 2003-ի առողջապահական ծախսերուն միայն 16․7 տոկոսը կազմակերպական ծախսեր էին, մինչ նոյն թուականին ԱՄՆ-ի մէջ, ուր մասնաւոր-շուկայական է ապահովագրական համակարգը, 31 տոկոս էին անոնք։ Կազմակերպական ծախսերու կողքին մասնաւոր առողջապահական ընկերութիւնները ունին նաեւ ծանուցման մեծ ծախսեր, որոնք դարձեալ շատ աւելի քիչ են՝ պետական ապահովագրութեան պարագային, ինչպիսին է ԱՀԱ-ն։
Բ- Մէկ գնորդ/վճարող համակարգը նաեւ կը նուազեցնէ նոյնինքն առողջապահական ծառայութեան ծախսերը։ Միակ գնող/վճարող կառավարութիւնը բժշկական խնամք ու դեղեր վաճառողներուն հետ սակարկելու հսկայական առաւելութիւն ունի, որուն պատճառով կրնայ նուազեցնել գիները, այդպիսով նուազեցնելով առողջապահութեան ընդհանուր ծախսերը։
Այս պատճառով, ներկայիս, ԱՄՆ-ի մէջ նոյն դեղը երբեմն 4–5 անգամ կամ աւելի սուղ է, քան Քանատայի մէջ, ուր կայ մէկ գնող/վճարող՝ կառավարութիւնը, որ կը սակարկէ դեղորայք վաճառող ընկերութիւններուն հետ։
Այս երկու կէտերէն կարելի է եզրակացնել, որ քաղաքացիներու կողմէ մէկ գնող/վճարողով ԱՀԱ-ի մը տրուելիք գումարին աւելի մե՛ծ համամասնութիւնը պիտի ուղղակիօրէն ծառայէ քաղաքացիներու առողջութեան, քան մասնաւոր ապահովագրութեան պարագային, ուր քաղաքացիի կատարած վճարումի մէկ մասը պիտի մսխուեր թղթաբանական, կազմակերպական եւ շուկայական մրցակցութեան բանալի՝ ծանուցման ու քարոզչութեան վրայ։ Ալ չըսած՝ ընկերութեան սեփական շահոյթի համար գանձուելիք-պահուելիք գումարը։
Այսպիսով, ԱՀԱ-ի միջոցով առողջապահական ապահովագրութեան համակարգի համապարփակ դառնալուն, ապաշուկայացման, հանրայնացման եւ մատչելիացման այս ընդհանուր ռազմավարական նպատակը միանշանակ ողջունելի է եւ զօրակցութեան արժանի։