Home / Շուկա / Կանխատեսուած արհեստական աղէտ. Ակօս

Կանխատեսուած արհեստական աղէտ. Ակօս

«Ակօսի» անդրադարձը Թուրքիայի Էրզինջանի մարզում փետրբարի 13-ին տեղի ունեցած մասշտաբային սողնքին․

— Չնչին շա­հի հա­մար բնու­թիւնը անխնայ ու ագա­հօրէն կե­ղեքե­լու ռազ­մա­վարու­թիւնը իր հե­տեւան­քը ու­նե­ցաւ ահ­ռե­լի հո­ղասահ­քի մը մի­ջոցաւ։ Թուրքիոյ մէջ մօտ 50 տա­րուայ ան­ցեալ մը ու­նի նոր ազա­տատենչ դրա­մապաշ­տութեան հիմ­նադրու­մը։ «Ազատ շու­կա­յի տնտե­սու­թիւն» կամ «հա­մաշ­խարհայ­նա­ցում» պի­տակ­նե­րով ներ­կա­յացու­ցած այս նոր հա­մակար­գը ոչ միայն մարդկա­յին ար­ժէքնե­րու, այլ ամ­բողջ կեն­դա­նու­թեան եւ բու­սա­կանու­թեան սպառ­նա­ցող վտան­գի մը վե­րածո­ւած է։

Ահա այդ վտան­գի յայտնու­թիւննե­րէն մէկն է, որ պա­տահե­ցաւ այս երեք­շաբթի օր, ուր Երզնկա­յի Իլիչ գա­ւառի դաշ­տա­յին հա­տուա­ծի մէջ հո­ղակոյ­տի ահ­ռե­լի զան­գո­ւած մը բլուրն ի վար սա­հեցաւ իր առ­ջեւ ու­նե­նալով ամէն ինչ։

Շու­տով պար­զո­ւեցաւ թէ այդ բլու­րը կազ­մող հո­ղակոյ­տը ու­րիշ բան չէր, եթէ ոչ ցիանի­դով յա­գեցած եւ ոս­կե­հանու­թեան հա­մար մշա­կուած հո­ղի զան­գո­ւած մը։

Սա մարդկա­յին ձեռ­քով ստեղ­ծո­ւած, այ­սինքն ամ­բողջո­վին ար­հեստա­կան աղէտ մըն էր, որուն հե­ղինակ­նե­րը կ՚ու­զէին պա­տահա­ծը բնու­թեան վե­րագ­րել։

Ինչպէս ծա­նօթ է «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն Երզնկա­յի Իլիչ գա­ւառը մեզ ծա­նօթ է իբ­րեւ Մնձու­րի, լեռ­նա­շար եւ խորհրդան­շա­կան կեր­պով կը կազ­մէ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի ամե­նացայ­տուն վայ­րե­րէն մէ­կը։

Հե­ռուստաէկ­րա­նի վրայ խիստ տպա­ւորիչ էր սահ­քի նա­խոր­դող պա­հերը, որ նկա­րուած էին ապա­հովու­թեան տե­սախ­ցիկնե­րու մի­ջոցաւ։ Հո­ղը ան­հա­ւատա­լիօրէն կ՚ուռչէր, կը փրքա­նար փխրուն խմո­րի մը նման եւ ապա կը սկսէր ահ­ռե­լի հո­ղասահ­քը։

Երկրա­գէտ­ներ իս­կոյն ահա­զանգ կը հնչեց­նէին, այդ սա­հող զան­գո­ւածի Եփ­րատ գե­տին հաս­նե­լու վար­կա­ծին դէմ։ Անոնց պնդու­մով ցիանի­դով յա­գեցած հո­ղը կրնար թու­նա­ւորել Եփ­րա­թի ջու­րե­րը, որ իր կար­գին կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի շատ ըն­դարձակ տա­րած­քի մը բնակ­չութեան հա­մար։

Պաշ­տօ­նական առա­ջին յայ­տա­րարու­թիւննե­րով խօ­սուե­ցաւ կո­րու­սեալ ինը ան­ձե­րու մա­սին, որոնք աշ­խա­տան­քի բեր­մամբ կը գտնո­ւէին հո­ղասահ­քի վայ­րին շատ մօտ տնակ­նե­րու մէջ։

Իս­կոյն մեկ­նարկեց փրկա­րար աշ­խա­տանք մը, որ առա­ջին պա­հէն սկսեալ յոյս չէր ներշնչէր այդ ինը ան­ձե­րու հա­մար։ Մաս­նա­գէտ­ներ դի­տել կու տա­յին թէ այդքան ծանր հո­ղահոս­քի տակ պե­ղումներ ընե­լը ամիս­նե­րու կը կա­րօտի։

Միւս կող­մէ սա­կայն յոյ­սեր յայտնո­ւեցան թէ այդ տնակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ կայ անձնա­կազ­մի յա­տուկ պա­հես­տա­նոց մը եւ եթէ աշ­խա­տող­նե­րը յա­ջողած են հոն հաս­նիլ եր­կար ժա­մանակ կրնան դի­մագ­րա­ւել ջու­րի եւ սնունդի կա­րիքը։

Ամէն պա­րագա­յի դէպ­քը ինքնին դար­ձեալ քա­ղաքա­կան բնոյթ ու­նի։

Բնա­պահ­պաններ նա­խապէս ահա­զանգ հնչե­ցու­ցած էին ցիանի­դով ոս­կե­հան­քի ար­տադրու­թեան ան­պա­տեհու­թիւննե­րու մա­սին։ Անոնք նոյ­նիսկ դի­մած էին դա­տարան, բայց հան­քարդիւ­նա­բերու­թեան ըն­կե­րու­թիւնը յա­ջողած էր ապա­հովել իշ­խա­նու­թիւննե­րու նե­ցու­կը եւ ամէն ան­գա­մուն կեր­պով մը չե­ղար­կել իր դէմ ծա­ռացող օրի­նական ար­գելքնե­րը։