Իրողութիւնը ցաւեցնող է
Գիտեմ որ վայել չէ յաճախ դիմել «Ես ըսած էի» ափսոսանքին։ Սակայն ինչ ընես որ զարգացումները ակամայ կը յուշեն այդ անվայել արտայայտութիւնը։ Երբ բանակցութիւնները Հայաստանի գործող իշխանութեան կը պարտադրեն պաշտօնապէս ճանչնալ Ատրպէյճանի հողային ամբողջութիւնը, մենք պիտի աղերսենք արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխիքը։
Ալիեւ շատ յստակ արտայայտուած էր այս մասին։ «Արցախահայութիւնը կամ կը յօժարի իմ երկրի քաղաքացի ըլլալու հանգամանքին, կամ ալ կը լքէ այս տարածքը» ըսած էր ան։
Պահ մը յիշենք մօտ անցեալը, երբ ներկայ նախագահի հայրը նոյն արցախահայութեան կը խոստանար աշխարհի վրայ նմանը չունեցող ինքնավարութիւն, պայմանաւ որ անոնք հրաժարէին անկախ պետութիւն հիմնելու կամ Հայաստանի միանալու իրենց պահանջներէն։
Այդ օրերու յաղթանակած տրամադրութիւնով ոչ ոք նկատի առաւ Հայտար Ալիեւի այդ խոստումը։
Մեր մօտ տիրողը յաղթանակի տրամադրութիւնն էր, չըսելու համար ամբարտաւան շփացածութիւնը։ Անցեալին բազում անգամներ գրած ենք պարտուածի հոգեբանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնելու անպատեհութիւններու մասին։ Ըստ երեւոյթի նման խորհուրդները լսելու ժամանակը չէր, քանի որ հաւաքաբար տարուած էինք դարեր ետք հող նուաճելու մոլուցքէն։
Յիշենք այդ օրերը, երբ հայրենի երկրի յուզական աշխարհը նկարագրող մեր երգիչ-երգչուհիները զինուորական համազգեստով բեմ կը բարձրանային եւ դարերու ընթացքին զարգացած հայահունչ երաժշտութիւնը մէկ կողմ թողելով կը գոռային՝ «Հէ՜յ», «Հո՜յ» բացագանչութիւններով։
Այս պահուն պարտինք խոստովանիլ թէ մօտ 70-ամեայ խորհրդային պետականութենէ ետք իբրեւ հաւաքականութիւն ամբողջովին անպատրաստից գտնուեցանք երրորդ հանրապետութեան ընդձեռած անկախ պետականութիւնը դիմագրաւելու համար։
Անհատական կամ կուսակցական շահերը գերազանցող պետական մտայնութիւնը եւ անոր կառոյցները բացակայեցան մեր իրողութենէն։ Քաղաքականութիւն վարեցինք միայն ու միայն օրուայ հրամայականները գոհացնելու նպատակաւ։ Չունեցանք երկարատեւ աշխարհայեացք եւ այդ զրկանքը բաւականին սուղ արժեց բոլոր ազգի համար։
Որքան ցաւալի է հաստատել, թէ կատարուած բոլոր սխալները գործադրուեցան մեր աչքերուն առջեւ։ Դիտեցինք հսկայ գործարաններու թալանումը։ Առանց գիտակցելու այդ թալանուածին երկրի սեփականութիւնը ըլլալու իրողութեան, յիմարօրէն կարծեցինք թէ սովետապատկան հարստութիւնն է, որ կը յափշտակուի մերոնց՝ թաղի աղուոր տղերքի ձեռքով։
Նոյն յիմարութիւնով «հող տուող» կոչեցինք հակառակորդի հետ բանակցութիւններ վարելով խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերը։
Երբ ազգով մէկ գլխիկոր ամօթխածութեամբ կը լսէինք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի յանդիմանութեան բնոյթով քննադատութիւնները, երբեմնի պոռոտախօսները նոյն թափով փողոց իջած էին իւրաքանչիւրս, յատկապէս ալ ժողովրդական յեղափոխութիւնով վարչապետի աթոռին դատապարտուած Փաշինեանը «դաւաճան» հռչակելու համար։
Տակաւին պիտի շարունակենք հայեցի գաղափարախօսութեան մը բացակայութեան պատճառած փորձանքները դիմագրաւելու։
Բագրատ Էսդուրգեան
հրապարակվել է մայիսի 24-ին՝ «Ագօս» թերթի հայալեզու բաժնում