Home / Առողջապահություն / Առողջապահության համապարփակ ապահովագրութեան նախագիծ (մաս 2)

Առողջապահության համապարփակ ապահովագրութեան նախագիծ (մաս 2)

հեղինակներ՝ Արա Խանճյան (Լոս Անջելես), Հրակ Փափազյան (Երեւան)
աղբյուրը՝ «Սև բիբար» քննախոսական  հարթակ

Առողջութեան Հարկ. Մտահոգութիւններ ու Խնդիրներ

Կ՛ակնկալուի, որ եթէ նախագիծը ընդունուի, ապա 2021ին ԱՀԱ-ի ծախսերը մօտաւորապէս 230 մլրդ դրամ ըլլան։ Այս գումարի 46․4 տոկոսը կ՚առաջարկուի տրամադրել պետական պիւտճէէն։ Իսկ մնացած 53․6 տոկոսիի համար կը նախատեսուի ներդնել նոր հարկի տեսակ՝ Առողջութեան Հարկ։

2021ին 6% դրոյքաչափով Առողջութեան Հարկ պիտի գանձուի երկրի իւրաքանչիւր աշխատող եւ ինքնազբաղուած քաղաքացիի եկամուտէն։ ֆինանսաւորման այս միջոցի շուրջ բաւական հանրային աղմուկ բարձրացաւ։ Կ՚անդրադառնանք հնչեցուած մտահոգութիւններէն մի քանիին միայն, եւ ապա, վերջին բաժնով, մեր կողմէն կ՚ընենք որոշ յաւելումներ։

1. Ստուերի հարց

Յայտնուող քննադատութիւններէն մէկն այն է, թէ ինչու՞ ոմանք պիտի օրինաւոր ձեւով աշխատին ու առողջապահական հարկ վճարեն մինչ ուրիշներ կը շարունակեն ստուերային շուկայի մէջ աշխատիլ՝ խուսափելով ամէն տեսակի հարկերէ։ Այս ձեւով առարկողները երբեմն կը պնդեն թէ ԱՀԱ-ն որդեգրելէ առաջ, նախ պէտք է սեւ հարկային դաշտը փոքրացնել։

Բնականաբար անհրաժեշտ է կտրականօրէն պակսեցնել եկամուտ ստացող, սակայն հարկ չվճարողներուն թիւը, յանուն բոլորի բարօրութեան։ Սակայն, կը կարծենք, որ այս բարեփոխումը պէտք է գործադրուի դէպի ԱՀԱ համակարգ անցում գործընթացին զուգահեռ, ոչ թէ դառնայ այնքա՛ն խիստ նախապայման, որ բոլորովին ետ մղէ համընդհանուր ապահովագրութեան ներդրման ծրագիրը։

ԱՀԱ-ն թող յաւելեալ թափ տայ ստուերի դէմ պայքարին, այլ ոչ՝ արգելակուի կամ մոռացութեան մատնուի ստուերի գոյութեան պատճառով, եւ ասոր զոհը երթան աշխատող եւ պարտաճանաչօրէն հարկ վճարողներ, որոնք սակայն չունին անհրաժեշտ եկամուտը, հոգալու համար լուրջ հիւանդութեան մը ծանր ֆինանսական բեռը։ Ստուերի գոյութեան շուրջ կառուցուող հակափաստարկը պէտք չէ սկզբունքօրէն հակադրուի ԱՀԱ-ին, եւ կամայ թէ ակամայ անտէրութեան դատապարտէ աշխատասէր, սակայն պայմաններու բերմամբ անգործ մնացած կամ ցած եկամուտ ունեցող մարդոց հաւաքականութիւնը։

2. «Չաշխատողի փոխարէն ինչու՞ վճարենք»

ԱՀԱ-ի որոշ ընդդիմախօսներ նաեւ հարց կը բարձրացնեն այն մասին, թէ ինչու՞ պիտի իրենք, աշխատողները, վճարեն չաշխատողներու համար, զորս երբեմն նաեւ կը շտապեն որակել ծոյլ կամ մակաբոյծ։ Անզգոյշ որակումներ են ասոնք։ Նախ, չաշխատողներուն մէջ կան տարեցներ, երեխաներ, հաշմանդամներ, եւայլն։

Եւ ինչպէս Առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցչիներ ու ընդհանրապէս նախագծի կողմնակիցներ ալ կ՚ըսեն, պարզ սոցիալական համերաշխութեան սկզբունքն է, որ առողջը վճարէ հիւանդին համար, երիտասարդը՝ տարեցին ու երեխային, աշխատողը՝ այդ պահուն անգործին, եւայլն։ Չէ՞ որ նոյն առողջը՝ վաղը հիւանդ է, նոյն երիտասարդը՝ վաղը տարեց կամ երեխայի մայր/հայր, նոյն աշխատանք ունեցողը՝ թերեւս վաղը ժամանակաւորապէս անգործ։ Տակաւին, պէտք չէ երբեք մտահան ընել, որ գործազրկութիւնը շատ յաճախ համակարգային խնդիրներու եւ շուկայի «օրէնքներու» պտուղ է, աւելի քան անհատական քմահաճոյքի։

Իսկապէս առողջ ու արդար հասարակութեան մէջ, ուր բոլորին համար կ՚ըլլան արժանապատիւ եւ բաւարարող աշխատանքի հնարաւորութիւններ (ներառեալ կրթութիւն, ենթակառուցուածքներ, խտրականութիւններու բացակայութիւն, եւայն), դժուար թէ մարդը նախընտրէ գործազուրկ մնալով ծայրը-ծայրին գոյատեւել։

Կարելի է անշուշտ ունենալ որոշ խաւ մը, Հայաստանի մէջ վստահ ոչ մեծամասնական, որ իսկապէս ապահովուած է ամէն առումով, բայց եւ այնպէս կը նախընտրէ ոչ մէկ արտադրական գործունէութիւն ունենալ։ Հնարաւոր է թերեւս պահանջել, որ ԱՀԱ նախագիծը կատարելագործուի այնքան մը, որ կարենայ տարբերակել այսպիսիները՝ իրապէս թշուառ ու անգործ մնացած մեծամասնութենէն, եւ ըստ այնմ հարկէ զանոնք եւս կամ անոնց չտրամադրէ ապահովագրութիւն։

Սակայն այս խնդրի համար, դարձեալ, կը կարծենք որ սխալ պիտի ըլլայ օրակարգէ ամբողջովին հանել ԱՀԱն ու հարուածել երկրի աղքատ(ացուած) մեծամասնութիւնը։

3. «Շատ ստացողը ինչու՞ աւելի վճարէ»

Վերջապէս, եթէ կայ բողոք առ այն, որ միանուագ 6%ը հարուստներէն կամ համեմատաբար բարձր վարձատրութիւն ստացողներէն կը պահանջէ քանակական առումով ԱՀԱի ֆինանսաւորման մէջ աւելի մեծ մասնակցութիւն, ապա մենք սկզբունքօրէն կը հակադրուինք այսպիսի քննադատութեան, յատկապէ՛ս տխրահռչակ հարկային համահարթեցման օրինագիծի լոյսին տակ։ Միանուագ 6%ով թերեւս կարելի է ունենալ սոցիալական համերաշխութեան նուազագոյնաստիճան մը։

Եթէ քաղաքացի մը ունի 100,000ի ամսական աշխատավարձ, պիտի վճարէ 6,000 դրամ առողջապահական հարկ, իսկ եթէ երկրորդի մը եկամուտը ամսական 1,000,000 է, պիտի վճարէ 60,000 դրամ առողջապահական հարկ։ Սեպենք թէ երկուքն ալ կ՛ունենան նոյն հիւանդութիւնը ու հիւանդանոցը կը բուժէ զիրենք։ Այո, բարձր եկամուտ ունեցողը շատ աւելի վճարած կ՛ըլլայ նոյն հիւանդութեան համար քան ցած եկամուտ ունեցողը։

Սակայն իր գրպանը այդ մէկ ամսուայ գումարէն տակաւին կը մնայ 940.000, մինչդեռ առաջինի մօտ՝ ընդամէնը 94.000, որն արդէն անբաւարար է արժանաւայել եւ ապահովուած կեանքի մը համար, դեռ չհաշուած մնացած հարկատեսակները։ (Աստիճանական (պռոգրեսիվ) հարկման արդար համակարգի մը գոյութեան պարագային թերեւս տարբեր ըլլար իրավիճակը. բարձր շահոյթի ու աշխատավարձի յաւելեալ հարկման միջոցով պիտի հաւաքուէր աւելի գումար, որու ներկայութեան թերեւս կարելի ըլլար բոլորին աւելի ցած մէկ չափի վճար մը սահմանել։)

4. Սոցիալական ազդեցութեան գնահատման եւ հարկային քաղաքականութեան խնդիրներ

Թերեւս աւելի կարեւոր է Առողջութեան Հարկի սոցիալական ազդեցութեան խնդիրը, որուն նախագիծի կողմէ տրուած գնահատականը կը թուի թոյլ եւ ոչ սպառիչ։ Նախագիծը կը բաւարարուի նշելով, որ աշխատող քաղաքացիներու 59%ին համար, որոնք կը ստանան մինչեւ 150.000 ամսական աշխատավարձ (մօտ 300$), առողջութեան հարկը կը մեղմուի վերջերս ուժի մէջ մտած նոր հարկային օրէնսգրքով, ըստ որու «2021թ-ից նախատեսվում է սահմանել եկամտահարկի չափը 20% բոլոր աշխատողների համար:»

ԱՀԱ-ի նախագիծը կը շարունակէ. «եկամտահարկի դրույքաչափը շուրջ 59% աշխատողների համար կնվազի 4%-ով, ուստի առողջության հարկի սահմանումը 4–6%-ի չափով չի ունենա զգալի բացասական ազդեցություն աշխատողների եկամուտների վրա:» Սակայն այստեղ կան ակնյայտ սխալներ։ Նախ, դրոյքաչափը 23%էն կը նուազի 20%ի, այսինքն 3, այլ ոչ 4%ով։

Երկրորդ, այդ նուազումը 20%ի կը հասնի ոչ թէ 2021ին, այլ 2023ին։ Խնդիրն այստեղ ոչ այնքան թիւերու տարբերութեան նշանակութիւնն է, այլ սոցիալական ազդեցութեան գնահատականի շուրջ տարուած անփոյթ աշխատանքը, որ արդէն իսկ հարցականի տակ կ՚առնէ նախագիծը ներկայացնողներու վերաբերմունքը այս խնդրին, թէ իրապէս ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Առողջութեան Հարկը մարդոց, յատկապէս ցած աշխատավարձ ստացող մեծամասնութեան անդամներու վրայ։

Դեռ աւելին, նախագիծի այս մասը ամբողջովին կ՚անտեսէ նոյն հարկային նոր օրէնսգրքի այն կէտը, ըստ որու եկամտահարկի նուազեցման զուգահեռ աստիճանաբար 2.5%ով պիտի բարձրանայ սոցիալական վճարի դրույքաչափը։ Ուրեմն, 59% մեծամասնութեան համար գումարը պիտի ըլլայ ոչ թէ նախագծի ներկայացուցածի պէս -4% (եկամտահարկ) + 4–6% (Առ. հարկ)= 0–2%, այլ -3% (եկամտահարկ) + 2.5% (սոց. վճար) + 4–6% (առ. հարկ) = 3.5–5.5% (չհաշուած այն, որ 4–6%ի 4ը դեռ միայն թէական է, 2021ի համար յստակ կ՚առաջարկուի 6%). ուրեմն, կը ստացուի որ Համահարթեցման փաթեթը եւ առաջարկուող

Առողջութեան հարկը միասին պիտի գան 3.5էն 5.5%ով (2021ին՝ հաստատ 5.5%) աւելցնելու ցած աշխատավարձ ունեցող 59% մեծամասնութեան հարկային բեռը, այդպիսով նուազեցնելով անոնց տնօրինուող եկամուտը։ Ուշադրութիւն՝ աղքատ այս մեծամասնութիւնը միակն է երեք աշխատավարձային սանդղակներու խումբերէն, որու հարկերը այսպէս թէ այնպէս կ՚աւելնան։ 150.000–2.000.000 շահողները գուցէ փոքր հարկային բեռի նուազեցում տեսնեն այն տարիներուն երբ 4%ի մօտ կ՚ըլլայ Առողջութեան հարկը։ Իսկ 2.000.000էն բարձր աշխատավարձ ստացող վերնախաւի ներկայացուցիչները շահաւոր դուրս կու գան ամէն պարագայի, քանի որ համահարթեցման օրէնքով 2.000.000էն բարձր գումարի հարկը կը նուազի 13.5%ով։

Ինչքան մուտքերդ մեծ՝ այնքան քեզ հարկային նուէրներ, ինչքան փոքր՝ քեզ այնքան աւելի հարկ. սա է, ընդհանուր գիծերու մէջ, կառավարող ուժի հարկային քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը, սոցիալական արդարութեան սկզբունքին ուղղակիօրէն հակադրուող։

Այո, վերոնշեալ խնդիրը ԱՀԱ նախագծի եւ ԱՆ-ի սահմաններէն անդին կ՚անցնի. բայց չէ՞ որ հարկային քաղաքականութիւնը պէտք է ներկայացնէ մէկ ամբողջութիւն. կառավարութեան մօտ կարծես չկայ համաձայնեցուած համընդհանուր հարկային քաղաքականութեան ռազմավարութիւն։

Վերադառնանք նախագծին ու Առողջութեան Հարկին։ Խնդիրը աւելին է, քան նոր նշուած արդարութեան եւ հարկային քաղաքականութեան խնդիրը։ Կը գիտակցինք անշուշտ, որ Առողջութեան Հարկը յաւելեալ հարկային բեռ ըլլալու կողքին նաեւ կը խոստանայ ուղղակիօրէն թեթեւցնել քաղաքացիներու ծախսերը՝ ազատելով զիրենք բուժման վճարներէ։ Այստեղ եւս սակայն, նախագիծը չի տրամադրեր հաշուարկներ, վերլուծութիւններ, յստակ գնահատական։

Առնենք 100.000 ՀՀ դրամ աշխատավարձով աշխատող մը։ 2021ին կ՚ակընկալուի որ տրամադրէ 22.000 դրամ եկամտահարկ (22%), 3500 դրամ սոցիալական վճար (3.5%), 6000 դրամ Առողջութեան Հարկ (6%), 1000 դրամ բանակին։ Տակը ամսական կը մնայ 67.500 դրամ (141$) եկամուտ։ Այս մարդը ինչպէ՞ս ապրի, ինչպէ՞ս ընտանիք պահէ։ Պիտի ըսուի, որ ԱՀԱ նախագիծի առաջարկած հարկը ընդամէնը 6000 դրամ կը պակսեցնէ ամսական եկամուտէն. այո, բայց այդքան նեղ պայմաններով ապրողին համար 6000 դրամը աննշան չէ. սնունդ է, ջեռուցում է, որոնք իրենց կարգին կ՚ազդեն առողջութեան վրայ ու ոչ միայն։ Պիտի ըսուի, որ, փոխարէնը, այդ մարդն ու իր շուրջինները պիտի կարենան ձրի բուժում ստանալ, երբ կարիքն ըլլայ։ Պատճառ չունինք հակառակը պնդելու։ Բայց այսպիսի որոշում յստակ հաշուարկներու, վերլուծութեան, գնահատականի վրայ պէտք չէ՞ հիմնէ ինքզինք։

Տնօրինուող եկամուտի այս նուազումը տարբեր եկամուտներ ունեցող խումբերու վրայ ճիշդ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Աւելին. ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այն մարդուն վրայ, որ միայնակ է, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն անոր վրայ, որ իրմէ բացի 5 հոգիի ապրուստը կ՚ապահովէ։ Ի՞նչ հաւանականութիւն կայ, հիմնուելով տուեալներու վրայ, որ շարքային աղքատ քաղաքացին կարիք ունենայ բուժման ծախսերու։ Այդ ծախսերէն որո՞նք անխուսափելի են, եւ որո՞նք ինք պիտի նախընտրէր ստորադասել 6000 դրամին՝ վերջինովս զաւակներուն քիչ մը աւելի լաւ սնունդ տալու համար։

Հաւանական բժշկական ծախսերու եւ ամսական 6000ի համեմատութիւնը ճիշդ ի՞նչ է։ Այս բոլորին համար թիւեր են պէտք, հաշուարկներ, վերլուծութիւններ, որմէ ետք միայն կարելի է խօսիլ սոցիալական ազդեցութեան մասին։ Կարճ ըսած՝ նախագիծը պէտք է կարենայ փաստարկուած կերպով հաւաստիացնել որ 6%ի հաւելեալ հարկը սոցիալապէս պիտի բարելաւէ, այլ ոչ հակառակը, առնուազն բնակչութեան մեծամասնութեան վիճակը։

Նմանօրինակ հաշուարկներու վրայ հիմնուած, օրինակ, պէտք չէ՞ ըլլար տարբերակուած մօտեցում որոշ սահմանագծէ ցած աշխատավարձ ստացողներու հանդէպ, օրինակ անոնց Առողջութեան Հարկի դրոյքաչափերը նուազեցնելով։ Պէտք չէ՞ հաստատուեր, օրինակ, չհարկուող շեմ։ Ասոնք, անշուշտ, դարձեալ չեն սահմանափակուիր առողջութեան հարկով եւ աւելի լայն հարկային համակարգի խնդիրներ են, բայց քանի ԱՀ-ն կը կառուցուի արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համակարգին վրայ, պէտք է նկատի առնել այս բոլոր խնդիրները՝ անոր դրոյքաչափը որոշելու ընթացքին։

Վերջապէս, ինչո՞ւ աշխատող քաղաքացիներու վրայ առողջութեան հարկ, ընդհանրապէս։ Ինչո՞ւ որոշուած է այս միջոցով ֆինանսաւորել ԱՀԱ-ի բացը. դարձեալ նախագիծը չի տար բացատրութիւն ու հիմնաւորում։ Կամայակա՞ն է ընտրութիւնը։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ առողջութեան հարկի մէկ կարեւոր մասը կը մնայ գործատուի՛ն վրայ, թեթեւցնելով աշխատողի բեռը (Ֆրանսա՝ հարկի 70% գործատու, 30% աշխատող. Գերմանիա, Ճափոն եւ Ամերիկեան Medicare՝ 50%-50%. աղբիւրը)։

Կարելի չէ՞ր, օրինակ, այսպիսի մօտեցումներու դիմել, առնուազն որոշ շեմէ ցած աշխատավարձ ունեցողներու համար։ Վերադառնալով Համահարթեցման փաթեթին, յիշեցնենք, որ այն նաեւ նուազեցուցած էր խոշոր բիզնեսի շահութահարկը, որու տարեկան բյուջետային մուտքի կորուստը գնահատուած էր 11 մլրդ դրամ, այսինքն՝ Առողջութեան հարկով 2021ին հաւաքուելիք 122.8 մլրդի մօտ 9%ը. իսկ եկամտահարկերու համահարթեցման, որու գլխաւոր շահառուները բարձր ու գերբարձր աշխատավարձ ստացողներն էին եւ/կամ գործատուները, արդիւնքով՝ տարեկան կորուստը 30 մլրդ հաշուարկուած էր։

Կը ստացուի, որ Համահարթեցումը եթէ չըլլար, 41 մլրդ դրամ պիտի խնայուեր բյուջէի համար, ու հիմա ապահովուած պիտի ըլլար ԱՀԱի համար պակսող 122.8 մլրդի մէկ երրորդը, եւ պետութիւնը կարիք պիտի չունենար այսքան քերթելու ցած աշխատավարձներէն՝ Առողջութեան Հարկի տեսքով։

Նմանապէս, սերտուա՞ծ է արդէօք այդ բացը լրացնելու համար որոշ գերխոշոր բիզնեսներու յաւելեալ հարկման հնարաւորութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք տարիներով ուղղակիօրէն պատճառ հանդիսացած են քաղաքացիներու այսօրուայ ու վաղուայ առողջական խնդիրներուն (իմա՝ մետաղական հանքահէնները)։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ. այդքան հե՞շտ է բոլորէն, ներառեալ ծայրը ծայրին ապրողներէն գանձելու որոշում առնելը։ Եթէ սերտուած են, ու ոչ նպատակայարմար գտնուած, ապա՝ ու՞ր են վերլուծութիւնները եւ հիմնաւորումները։ Ալ չենք խօսիր՝ այդպէս ալ չիրականացող անցումային արդարադատութեամբ վերադարձուելիք գումարներուն մասին, որոնց գոյացութեան պարագային հաւանաբար լուծուէին այս ու այլ հարցերը։

Կարճ՝ ԱՀԱն, ինչքան ալ դրական եւ արդարամէտ, իր ֆինանսաւորման ձեւի ընտրութիւնը չէ հիմնաւորած նախագիծին մէջ։ Այս տեսքով, առողջութեան հարկը կը բարձրացնէ սոցիալական ազդեցութեան եւ արդարութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ։

Փոխան Եզրակացութեան

Առաջարկուած նախագիծը ունի քննադատութիւն կամ մտահոգութիւն առաջացնող որոշ դրոյթներ։ Անդրադարձանք անոնցմէ ոմանց։

Այս մէկուկէս ամսուայ ընթացքին հնչած են այլ մտահոգութիւններ եւս, կապուած բժշկական եւ հիւանդանոցային ոլորտներու մէջ կոռուպցիայի տակաւին լիովին չվերանալուն (օրինակ յայտնուած է մտահոգութիւն, որ բժիշկներ կրնան գործակցիլ հիւանդներու հետ որպէսզի պետութենէն գանձեն վճարումներ՝ չկատարուած բժշկական ծառայութիւններու համար, կամ կրնան կատարել հիւանդին ոչ անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւններ), կապուած բշժկական ծառայութիւններու որակին եւ Առողջութեան հարկի անոր համապատասխանութեան, կապուած ԱՀԱ-ի ծածկոյթին, եւայլն։

Բարձրացուած հարցերէն ոմանք, ինչպէս օրինակ ստուերի եւ կոռուպցիայի հարցերը, նուազ կապ ունին ուղղակի նախագիծին հետ. ուրիշներ, յատկապէս ԱՀԱ-ի ֆինանսաւորման, յաւելեալ հարկային բեռի եւ անոր սոցիալական ազդեցութեան խնդիրները՝ ուղղակիօրէն կապուած են նախագիծին։ Վերջինները, կը կարծենք, համեմատաբար աւելի նախապայմանային տեսակի են, ու պէտք է փարատին՝ նախագիծի ընդունումէն առաջ։

Անհրաժեշտ է, որ խորքային վերլուծութիւններ կատարուին, ներկայացուին, ու շատ լայն, ոչ ձևական, նաեւ ԱԺի պատերէն անդին անցնող հանրային քննարկումներու դրուին այս հարցերը, որպէսզի հանրության տարբեր շերտերը, ու մանաւանդ՝ մեծամասնութիւնը կազմող ցած եկամուտ ունեցողները, կարենան իրազեկ ըլլալ, կարծիք արտայայտել, եւ ազդել որոշման վրայ։

Ստուերի, կոռուպցիայի, բուժօգնութեան որակի խնդիրները, միւս կողմէ, կախեալ են կառավարութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան այլ աշխատանքներէն ու ծրագրերէն. պէտք է, անշուշտ, լուծում տալ անոնց եւս, սակայն կը կարծենք, որ պէտք է զգուշանալ, որ անոնք չդառնան պատճառ, կամ որոշ ուժերու ձեռքին պատրուակ, թեթեւ ձեռքով հրաժարելու համար այլապէս անհրաժեշտ ԱՀԱ-ի նախաձեռնութենէն (մասնաւոր ապահովագրութեան ընկերութիւնները, օրինակ, հաւանական է որ նպաստեն ԱՀԱի դէմ պայքարին)։ Անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է նոյնիսկ աւելիով յետաձգել ԱՀԱ-ի ուժի մէջ մտնելը, մինչ այդ այլ բարեփոխումները աւարտին մօտեցնելու նպատակով։

Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ ամէն օր, որ կ՛ուշանայ ԱՀԱ-ի գործադրումը, նոր ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներ կը զրկուին անհրաժեշտ բժշկական խնամքէ։